Շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան եւ Օքլահոմա 144-110 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ մրցումին, ուր Աարոն Ուիկինզ իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց` ձեռք ձգելով 41 կէտ եւ 14 ռիպաունտ, մինչ քանատացի աստղ Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր 29 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց` արձանագրելով Օքլահոմայի 38-րդ յաղթանակը 47 մրցումներու ընթացքին: Այլ քանատացի մը` Լուկենց Տորթ 20 կէտ աւելցուց Թանտըրի հաշուոյն: Քինկզի լաւագոյն մարզիկն էր Տը՛Արոն Ֆոքս, որ 20 կէտ նշանակեց: Խումբի թիւ 1 աստղ Տոմանթաս Սապոնիս համեմատաբար «լուռ» մրցում մը ունեցաւ 16 կէտ եւ 7 ռիպաունտով:
Նիւ Եորք Նիքս դժուար մրցում մը ունեցաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ եւ տեղի տուաւ 112-128 արդիւնքով:
4-րդ մասին սկիզբը արդիւնքը 3 կէտի նուազեցնելէ ետք Նիւ Եորք չկրցաւ պաշտպանել Լէյքըրզի յարձակումներուն դէմ եւ պարտուեցաւ իր դաշտին վրայ:
Լըպրոն Ճէյմս թրիփըլ տապըլ մը եւս իրագործեց` 33 կէտ, 12 էսիսթ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգելով, մինչ Օսթըն Ռիվզ (27 կէտ) եւ Ռուի Հաշիմուրա (21 կէտ) եղան Լէյքըրզի կարեւոր մարզիկներէն` Անթոնի Տէյվիսի բացակայութեան: Ճոշ Հարթ իր կարգին թրիփըլ տապըլ իրագործեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, որ 4 յաջորդական յաղթանակներէ ետք պարտութիւն մը կրեց: Ճէյլըն Պրանսըն միայն 17 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Քարլ – Անթոնի Թաունչ համեմատաբար «լուռ» մրցում մը ունեցաւ 11 կէտ նշանակելով:
Հիւսթըն Ռոքեթց, որ իր կարգին այս տարեշրջանի լաւագոյն խումբերէն կը նկատուի, անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Պրուքլին Նեթցի դէմ մրցումին` 110-98 արդիւնքով: Պրուքլին 7 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք իր 2-րդ մրցումը կրցաւ յաղթել, այդ ալ Հիւսթընի դաշտին վրայ:
Ճէյլն Կրին 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հիւսթընի, բայց ան միակ մարզիկն էր Հիւսթընի, որ 16 կէտէն աւելի նշանակեց միայն Պրուքլինէն 6 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Զայիր Ուիլիամս (21 կէտ) Տա՛նճելօ Ռասըլ (18 կէտ) Նիք Քլէյքսթըն (17 կէտ) Ճէյլըն Ուիլսըն (13 կէտ), Քիոն Ճոնսըն (13 կէտ) եւ Տէյրըն Շարփ (13 կէտ) եղան Նեթցի հերոսները:
Ստորեւ` շաբաթավերջին մրցումներուն արդիւնքները.-
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ֆենիքս Սանզ 127-108
Նիւ Եորք Նիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 112-128
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մայեմի Հիթ 103-105
Հիւսթըն Ռոքեթց – Պրուքլին Նեթց 98-110
Մենեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 103-105
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Սաքրամենթօ Քինկզ 144-110
Չարլոթ Հորնեթց – Տենվըր Նակեթց 104-107
Ինտիանա Փեյսըրզ – Աթլանթա Հոքս 132-127
Եութա Ճեզ – Օրլանտօ Մեճիք 113-99
ՇԱԲԱԹ ՕՐ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆինիքս Սանզ 105-130
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Պոսթըն Սելթիքս 116-118
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Միլուոքի Պաքս 144-118
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ Տենվըր Նակեթց 134-137
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Շիքակօ Պուլզ 106-122
Չարլոթ Հորնեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 104-112
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Տալաս Մեւրիքս 117-102


