Անցեալ կիրակի օր Մանարայի մէջ գտնուող Ռիատիի ակումբին մէջ տեղի ունեցան ճատրակի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները:
Լիբանանի 44 ակումբներէն 33 իրաւասութիւն ունեցող ակումբներ մասնակցեցան ժողովին, որուն առաջին բաժինին վարչական եւ նիւթական վիճակը քննարկելէ եւ զեկուցումները վաւերացուելէ ետք, երկրորդ բաժինը սկսաւ, ուր ընտրուեցան 11 անդամներ` Ալի Ժաուիշ, Էլի Հուլիշեան, Ժինան Խաթիպ, Ռաուատ Համմուտ, Տիգրան Զէյթճեան, Իմատ Ապու Խալիլ, Հապիպ Խալիլ, Էլիաս Խայրալլա, Սայէտ Շամիէ, Ապպաս Տարուիշ եւ Խալետ պատիհ:
Ընտրութենէն ետք, ամէնէն տարեց անդամը` Էլիաս Խայրալլա ընտրուած 11 անդամները ժողովի հրաւիրեց ընտրելու դիւանը, որ ունեցաւ հետեւեալ պատկերը.
Ռաուատ Համմուտ ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի նախագահ, մինչ Անդրանիկի ճատրակի ակադեմիայի տնօրէն Տիգրան Զէյթճեան եւ Հապիպ Խալիլ ընտրուեցան փոխնախագահներ, Խալետ Պատիհ ընտրուեցաւ քարտուղար, Ալի Ժաուիշ ընտրուեցաւ գանձապահ, իսկ Իմատ Ապու Խալիլ` հաշուապահ: Էլի Հուլիշեան, Ժինան Խաթիպ, Ապպաս Տարուիշ, Սայէտ Շամիէ եւ Էլիաս Խայրալլա կ՛ամբողջացնեն ֆետերասիոնի 11 անդամները:


