Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպուած Աշոտ Անասթազեանի յիշատակին նուիրուած Հայաստանի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը:
Ըստ «Արմենփրես»-ի, ախոյեան դարձաւ վարպետ Արամ Յակոբեան, որ 7 կարելի կէտերէն 6-ը ապահովեց:
Վարպետներ Շանթ Սարգսեան, Զաւէն Անդրէասեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ միջազգային վարպետ Ռոպերթ Փիլիպոսեան 5.5 կէտ ապահովեցին:
Լրացուցիչ ցուցանիշներով փոխախոյեան դարձաւ Շանթ Սարգսեան, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Զաւէն Անդրէասեան:
Ռոպերթ Փիլիպոսեան 4-րդ դիրքը գրաւեց, իսկ Հայկ Մարտիրոսեան` 5-րդ: Վեթերաններու մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւեց միջազգային վարպետ Աշոտ Նաթանեան:
Աղջկանց մրցումներուն ախոյեան դարձաւ Սուսաննա Կապոյեան:
Մինչեւ 16 տարեկաններու (պատանիներու) ախոյեան դարձաւ վարպետի թեկնածու Վոլոտիա Թորոսեան:


