Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին քաթարեան Սատ խումբը ներկայացուց իր նոր մարզիկը, Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Զաւին:
Sport.es յայտնեց, որ 35 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 6 շապիկը:
Նշենք, որ Զաւի Պարսելոնայի հետ տիրացած է տարբեր տեսակի 24 տիտղոսներու: