16 յունիսին Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը պիտի մրցի Ռումանիոյ դէմ:
Ներկայիս Արտակ Օսէեանի գլխաւորած խումբը հաւաք կը կատարէ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այդ հաւաքը պիտի տեւէ մինչեւ 14 յունիս, որմէ ետք խումբը պիտի մեկնի Ռումանիա, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: