Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 15-26 յունիսին Նորվեկիոյ ճատրակի գերմրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Սթավակնըրի մէջ:
20 յունիսը հանգիստի օր պիտի ըլլայ:
Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Քարլսըն, Քարուանա, Անանտ, Նաքամուրա, Թոփալով, Կրիսչուք, Կիրի, Վաշիէ-Լակրաւ եւ Հեմըր: