Հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քազանի մէջ աւարտած Նեծմետինովի անուան նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով 94 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Տիտղոսին տիրացաւ ռուս կրանտմասթըր Տենիս Խիսմաթուլին, որ ապահովեց 7 կէտ, կը յայտնէ Armchess.am:
Կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան ապահովեց 6 կէտ, իսկ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Դաւիթ Շահինեան` 5 կէտ: