Եւրոպական ամառնային առաջին խաղերուն մասնակցող Հայաստանի հաւաքականի մամլոյ քարտուղար Կարէն Գիլոյեան առաջին հաղորդագրութիւնը ուղարկեց Պաքուէն:
«Աւելի քան 10 հոգիէ բաղկացած մեր խումբը արդէն իսկ մէկ օրէ ի վեր կը գտնուի Պաքու: Մենք հաստատուած ենք խաղերուն մարզական աւանին մէջ: Մեզի հետ նոյն շէնքին մէջ կը գտնուի Շուէտի հաւաքականը, որուն կազմին մէջ կայ հայ մարզիկ մը: Այդտեղ կը գտնուին նաեւ Գերմանիոյ, Ֆինլանտայի, Փորթուգալի, Զուիցերիոյ, Թուրքիոյ եւ Հունգարիոյ հաւաքականները:
«Տրամադրութիւնը մարտական է: Մեր հաւաքականը պատրաստ է պայքարի: Սպասեցէ՛ք նորութիւններուն: Բոլորիս կը մաղթեմ յաղթանակ», նշեց Կարէն Գիլոյեան:
Լուրը հաղորդող ArmSport.am կայքը կ՛աւելցնէ, որ Հայաստանի դրօշին տակ Պաքուի մէջ ելոյթ պիտի ունենան հետեւեալ մարզիկները.
ԹԵՔՈՒԱՆՏՕ
Արման Երեմեան (80 քկ), որ ելոյթ պիտի ունենայ 18 յունիսին: Մարզիչ` Վարդան Վարդանեան:
ՀՐԱՑԱՆԱՁԳՈՒԹԻՒՆ
Հրաչիկ Բաբայեան (հրացան), Նորայր Առաքելեան (ատրճանակ): Անոնց ելոյթները` 16, 17, 20 եւ 21 յունիսին: Գլխաւոր մարզիչ` Սէյրան Նիկողոսեան:
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ
Ռոման Ամոյեան, Միհրան Յարութիւնեան, Կարապետ Չալեան եւ Մաքսիմ Մանուկեան:
Նշենք, որ խաղերուն պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին:
Հայաստան շքերթին կը մասնակցի 7 հոգինոց խումբով, իսկ Եռագոյնը բռնած պիտի ըլլայ պատուիրակութեան նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան: