Երէկ` հինգշաբթի, 11 յունիսին, Թունուզէն Պէյրութ միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու Արաբական աթլեթիզմի 5-րդ ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայան մեկնած էին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Էլի Սաատէ, ֆետերասիոնի անդամ Էլի Տագեսեան, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:
Թունուզի մէջ Լիբանան տիրացաւ երեք մետալի:
Ոսկի մետալին տիրացաւ Լիա Օպէյտ (100 մեթր վազք), իսկ արծաթ մետալներուն` Սարա-Ճօ Քըրթպուի (800 մեթր վազք) եւ Ժան-Քլոտ Ապու Ֆայսալ (գունդ նետել):
Էլի Սաատէ շնորհաւորելէ ետք մարզիկներուն ձեռք ձգած բացառիկ յաջողութիւնները, զարմանքը յայտնեց, թէ ինչո՛ւ մարզական դէմքեր եւ անձնաւորութիւններ ներկայ չգտնուեցան օդակայան` մարզիկները դիմաւորելու համար: