Պրազիլի ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբի յառաջապահ Մարթա հանդիսացաւ աշխարհի Մոնտիալի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն:
Հարաւային Քորէայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ան փենալթի մը կոլի վերածելով 15-ի բարձրացուց Մոնտիալի մրցումներուն իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը:
Այսպիսով, 29 տարեկան Մարթա շրջանցեց գերմանացի Պիրկիտ Փրինցը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նոյն այդ մրցումին նոյնպէս կոլի հեղինակ դարձաւ պրազիլցի Ֆորմիկա:
Այսպիսով, 37 տարեկան Ֆորմիկա հանդիսացաւ ամէնէն տարիքոտ կին մարզիկը, որ կոլ կը նշանակէ Մոնտիալի ընթացքին: