«Ֆութպոլ Իթալիա» կը յայտնէ, որ Նափոլի աւելի լաւ պայմաններով նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ արժանթինցի իր ֆութպոլիստին` Կոնզալօ Հիկուայինին:
Անոր պայմանագրութիւնը իրաւական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2018: Սակայն ակումբին պատասխանատուները մտադիր են այդ պայմանագրութեան ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2019:
Ներկայիս ան տարեկան կը ստանայ 5,5 միլիոն եւրօ. նոր պայմանագիրին համաձայն, այդ գումարը պիտի բարձրանայ 6 միլիոն եւրոյի:
Նշենք, որ «Քալչիօ»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ան արդէն իսկ 5 կոլի հեղինակ դարձած է: