14 նոյեմբերին Մանչեսթըր Եունայթըտի «Օլտ Թրաֆորտ» դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ բարեգործական մրցում մը: Մրցակից կազմերու խմբապետները պիտի ըլլան Տէյվիտ Պեքհամ եւ Զինետին Զիտան:
Պեքհամ պիտի ըլլայ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հաւաքականի խմբապետը, իսկ մարզիչը` Ալեքս Ֆըրկըսըսը: Անոնք պիտի մրցին աշխարհի հաւաքականին դէմ, որուն մարզիչը պիտի ըլլայ Քարլօ Անչելոթի: Մրցումին գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Փիերլուչի Քոլինան:
Խաղը պիտի կայանայ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հովանաւորութեամբ: Ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի երեխաներու օգնութեան: