Երէկ Քուալա Լամփուրի մէջ (Մալեզիա) սկսան Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն խումբերը, որոնք կ՛ապահովեն 2016-ի Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանան, որ երէկ Յորդանանի դէմ կատարեց իր առաջին մրցումը, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 5-2 արդիւնքով:
Լիբանան այժմ ապահոված է 3 կէտ, մինչ Սէուտական Արաբիա եւ Պահրէյն` 1-ական կէտ, նկատի ունենալով, որ անոնք երէկ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին իրարու հետ: Բնականաբար Յորդանան կը մնայ առանց կէտի:
Լիբանանի 5 կոլերը նշանակեցին Քարիմ Ապու Զէյտ, Մոհամետ Քպայսի, Հասան Զէյթուն, Քամել Էլիաս եւ Ալի Հոմսի:
Այսօր ժամը 14:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Լիբանան կը մրցի Պահրէյնի դէմ:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Լիբանան գրեթէ պիտի ապահովէ Ասիոյ իր տոմսը: