Օրուան մը հանգիստէն ետք, այսօր տեղի կ՛ունենան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի 28-րդ ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն չորս խումբերուն անունները, որոնք կ՛ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ այդ 8 խումբերուն կարգին է, ժամը 16:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի ճակատի Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ: Այս մրցումին յաղթականը կիսաւարտականին պիտի մրցի Քաթար – Ճափոն մրցումին յաղթականին դէմ: Այս վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 11:45-ին:
Այսօրուան առաջին մրցումը, որ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, իրարու դէմ պիտի հանէ Իրանը եւ Հարաւային Քորէան:
Վերջապէս, ժամը 14:30-ին իրարու դէմ պիտի մրցին Հնդկաստանն ու Չինաստանը:
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով կը նկատենք, որ Լիբանան երեք առիթներով (2001, 2005 եւ 2007) հանդիսացած է փոխախոյեան:
Սակայն Ֆիլիփեան կղզիներուն արձանագրած արդիւնքը աւելի փայլուն է:
Անոնք 5 անգամ (1960, 1963, 1967, 1973 եւ 1986) հանդիսացած են ախոյեան, 3 անգամ (1965, 1971 եւ 2013)` փոխախոյեան, իսկ առիթով մըն ալ (1969)` տիրացած պրոնզ մետալին:
Սակայն եթէ նկատի ունենանք մետալին միւս երեսը, կը նկատենք, որ ցարդ երկու կազմերուն միջեւ կատարուած 8 ճակատումներէն եօթնին յաղթանակ արձանագրած է Լիբանան, մինչ միայն մէկուն` Ֆիլիփեան կղզիները:
Ասկէ մեկնելով, Լիբանան իր ամէն կարելին պիտի ընէ յաղթանակ արձանագրելու եւ ապահովելու կիսաւարտականի իր տոմսը: