ՖԻՖԱ-ի կողմէ հրապարակուած հոկտեմբեր ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 8 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ 377 կէտով կը գրաւէ 91-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Արժանթին, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 1419 կէտ:
Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը կը գրաւեն Գերմանիա (1401) եւ Պելճիքա (1387):