Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ միջազգային կիսամարաթոնը, որ ներառուած է «Էրեբունի-Երեւան 2797»-ին նուիրուած միջոցառումներու շարքին: Կիսամարաթոնը կը վայելէր Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետութեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին եւ Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին հովանաւորութիւնը: Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գ. Ղազարեան անձամբ պարգեւատրեց կիսամարաթոնին մէջ (21.097 քմ) յաղթանակներ նուաճած տղաքն ու աղջիկները: Մրցումը աւարտած բոլոր մասնակիցները ստացան վազքի համար նախատեսուած յատուկ մարզաշապիկներ եւ մետալներ, իսկ յաղթողները պարգեւատրուեցան նաեւ բաժակներով եւ ստացան դրամական նուէրներ:
Վազքին մասնակիցներն ու հիւրերը անակնկալներ ստացան կիսամարաթոնին մասնակցող ֆրանսահայ աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեֆէն: