Կազմակերպութեամբ Պաթրունի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին «Սան Սթեֆանօ» համալիրին մէջ (Պաթրուն) տեղի ունեցաւ Պաթրունի 4-րդ միջազգային Թրիաթլոնը` մասնակցութեամբ 120 երկսեռ մարզիկներու, որոնք եկած էին Ուքրանիայէն, Անգլիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Յորդանանէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն:
Այս Թրիաթլոնին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին գանձապահ Պետիկ Լոճիկեան, Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հարք, հրաւիրեալներ եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին մաս կազմող Մ. Պաղտատի, որ մեծ յոյսեր ունէր տիտղոսին տիրանալու եւ քանի մը վայրկեան յառաջ անցած էր իր ետին գտնուողներէն, դժբախտաբար արկածի հանդիպեցաւ, բայց շարունակեց մրցումը, սակայն չկրցաւ առաջին երեքին մէջ տեղ ապահովել:
Սակայն ան լիբանանցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ իր տարիքային ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի խմբային դասաւորման, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, գերազանցելով բոլորը, խլեց առաջնութիւնը` տիրանալով տիտղոսին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: