«Տէյլի Սթար» կը հաղորդէ, որ Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ իր ակումբին կողմէ պաշտօնանկ ըլլալու պարագային պիտի գանձէ 37,5 միլիոն ամերիկեան տոլարի կոկիկ գումար մը:
Ինչպէս կը նշուի, 52 տարեկան փորթուգալցի մասնագէտին Չելսիի հետ գործող պայմանագիրը ուժի մէջ է մինչեւ 2019:
Մուրինիոյի տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ շուրջ 10 միլիոն ամերիկեան տոլար, իր այս լուրը կ՛եզրափակէ TotalFootball.am: