
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, երկու տարբեր դասակարգերու աշխարհի նախկին ախոյեան Պեռնար Հոփքինս, որ յառաջիկայ յունուարին պիտի ըլլայ 51 տարեկան, յայտնեց, որ մտադիր է աւարտել իր ասպարէզը Արթուր Աբրահամի դէմ մենամարտելէ ետք:
«Կը կարծեմ, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ յունուարին: Կը փափաքիմ, որ անիկա տեղի ունենայ Նիւ Եորքի «Պարքլէյզ Սենթըր»-ին մէջ: Յաղթանակ, պարտութիւն, հաւասարութիւն կամ վիճելի մենամարտ` կարեւոր չէ: Անիկա իմ վերջին մենամարտս պիտի ըլլայ: Այժմ կը սպասեմ մանրամասնութիւններուն:
«Կ՛ուզեմ մենամարտիլ այն անձին հետ, որ արժանի է վստահութեան: Ամէնէն յարմարն է Աբրահամը, որ սքանչելի կռփամարտիկ մըն է», Հոփքինսի խօսքերը կը մէջբերէ Tofight.ru կայքը:
ArmSport.am աւելցուց, որ նախապէս կը հաղորդուէր, որ Աբրահամ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 21 նոյեմբերին, Հանովըրի մէջ (Գերմանիա), հակառակ անոր որ անոր մրցակիցին անունը ցարդ չէ յստակացած: