Քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար չ՛աճապարեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել Պարսելոնայի հետ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ»:
Պարսելոնա կ՛ուզէ ամէնէն արագ միջոցին համաձայնութեան գալ 23 տարեկան ֆութպոլիստին հետ, սակայն այնպէս կը թուի, որ անոր մտերիմները կը դանդաղեցնեն տարուող բանակցութիւնները:
Նշենք, որ Պարսայի հետ Նէյմարի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին: