Ռէալ Մատրիտի կեդրոնի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վերջին երկու մրցումներուն, յայտնեց Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Լիւքսամպուրկի եւ Ուքրանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն Ռամոսը փոխարինողը պիտի ըլլայ անոր խմբակիցը` Նաչօ:
Գ. խմբակին մաս կազմող Սպանիա, 8 մրցումէ ապահովելով 21 կէտ, կը գրաւէ առաջին դիրքը` 2 կէտով գերազանցելով Սլովաքիան: 3-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ուքրանիան (16 կէտ):