Պայէրն Միւնիխ եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին անուանի աստղ Կերթ Միւլըր, որ 3 նոյեմբերին կը դառնայ 70 տարեկան, կը տառապի Ալցհայմըր հիւանդութեամբ, յայտնեց միւնիխեան ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ըստ «Պիլտ»-ի, Միւլըր, որ փետրուար 2015-էն ի վեր մասնագէտներու հսկողութեան տակ է, այժմ կ՛ապրի ծերանոցի մէջ: Այս պատճառով անոր ընտանիքը պիտի չկարենայ տօնել անոր ծննդեան 70-րդ տարեդարձը:
1964-էն 1979 Միւլըր Պայէրն Միւնիխի հետ 585 մրցումի ընթացքին նշանակած է 533 կոլ` տիրանալով 13 տիտղոսի, իսկ Գերմանիոյ հետ ան հանդիսացած է Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան: