Վաղը` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը կը կատարէ Ֆրանսայի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նիս քաղաքին մէջ գտնուող «Ալիանս Ռիվիերա» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հայրենի կազմը, որ երէկ աւարտեց իր մարզական հաւաքը, այսօր առաւօտուն կը մեկնի Նիս:
Նշենք, որ երէկ հաւաքականին միացաւ Յովհաննէս Համբարձումեան, մինչ Հենրիխ Մխիթարեան, Գէորգ Ղազարեան եւ Կայել Անտոնեան, կազմին կը միանան Նիսի մէջ:
Ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատարն է Սարգիս Յովսէփեան:
Նշենք, որ օրուան կեդրոնի իրաւարարն է Սլաւքօ Վինքիչ (Սլովենիա):