
PROFOTO
Շիահի քաղաքապետարանի համալիրին մէջ տեղի ունեցած Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ ամբողջացան կիսաւարտականի մրցումները եւ բնականաբար յստակացան աւարտական հասնող խումբերուն անունները:
Առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Թատամոնը եւ ՀՄԸՄ-ը, աւարտեցաւ քեսըրուանեան կազմին յաղթանակով` 86-78 արդիւնքով (21-23, 48-41, 64-58 եւ 86-78):
Ինչպէս նկատելի է, ՀՄԸՄ միայն առաջին քորթըրին գերազանցեց իր մրցակիցին, այդ ալ չնչին տարբերութեամբ մը, մինչ մնացեալ երեք քորթըրներուն իր գերակայութիւնը պահեց Թատամոն:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճասթին Թապզ` 20 կէտ եւ 8 ռիպաունտ: Անոր ետին 15 կէտ նշանակեց Տուայն Ճեքսըն, իսկ Օկիւսթեն Օքոսուն` 14 կէտ:
Սեւակ Քեթենճեան, որ դաշտ ներկայացաւ 32′ 12″, նշանակեց 11 կէտ եւ 2 ռիպաունտ:
Նշենք, որ Քեթենճեանէն բացի որեւէ այլ հայ մարզիկ չմասնակցեցաւ երէկուան մրցումին:
Հոս տեղին է նշել, որ Թատամոնէն երիտասարդ մարզիկ Ժատ Խալիլ, բաւական տպաւորիչ մրցում մը ունենալով նշանակեց 20 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի մրցաշարքէն դուրս մնալուն, խումբը իր առաջին մրցաշարքն է, որ կը մասնակցի 3 օտարականով, մնացեալ բոլոր խումբերուն նման:
Եթէ պատահեցաւ, որ եղան կարգ մը սխալներ, անոնք սրբագրելի են ապագայի հաշուոյն, որպէսզի յառաջիկային աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրուին:
Կը մնայ կարեւորութեամբ անդրադառնալ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որոնք երէկ յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով ուղղուեցան Շիահի մարզադաշտ եւ քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ: