
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Հենրիխ Մխիթարեան, Գերմանիոյ ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի Վոլֆսպուրկ – Պորուսիա Տորթմունտ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ: 26-ամեայ միջնապահը արժանացաւ 9.4 գնահատականի:
Հենրիխ Մխիթարեան խաղաց 90 վայրկեան եւ կատարեց երկու կոլերուն փոխանցումները` յաղթանակ պարգեւելով Պորուսիային: Անոնք անոր 8-րդ եւ 9-րդ կոլային փոխանցումներն էին Գերմանիոյ այս ախոյեանութեան, որուն ընթացքին ան հարուածած է 5 կոլ:
 
			

