Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի 2013-ի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան իր դասակարգին մէջ (65 քկ) հանդիսացաւ Շեւալիա Նուսույեւի յուշամրցաշարքի յաղթող, կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիականի պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ ան աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Մուրշիդ Մութալիմովին (Ղազախստան):
2014-ի Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացած Գարիկ Բարսեղեան (57 քկ) յաջողեցաւ հասնիլ միայն մինչեւ քառորդ աւարտական: