ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած է փինկ-փոնկի մրցաշարք մը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ, կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2015-ին, ժամը 13:00-էն 19:00:
Պայման է, որ աշակերտները սրահ ներկայ գտնուին առաւելագոյնը կէսօրուան ժամը 12:00-ին` ստուգման եւ վիճակաձգութեան համար:
Մրցումին կրնան մասնակցիլ 1998-1999, 2000-2001, 2002-2003 եւ 2004-2005-ի ծնունդ 4 աշակերտ եւ 4 աշակերտուհի` իւրաքանչիւր տարիքէն:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ