Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականին հասնող խումբերը:
Բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով` Լիվըրփուլ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, 6-1 արդիւնքով ջախջախելէ ետք Սաութհեմփթընը:
Թէեւ հիւրընկալ խումբը մրցումին առաջին վայրկեանին նշանակեց կոլ մը` շնորհիւ Սատիօ Մանէի, սակայն Եիւրկըն Քլոփի կազմը պատասխանեց վեց անգամ: Տիվոք Օրիկի հեթրիք մը իրագործեց (45-րդ, 68-րդ եւ 86-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Տանիել Սթարիճ (25-րդ եւ 29-րդ) եւ Ճորտըն Իպէ (73-րդ):
Կիսաւարտականին Լիվըրփուլ պիտի մրցի Սթոք Սիթիի դէմ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Շեֆիլտ Ուենզտէյին (Բ. դասակարգ): Իպրահիմ Աֆելայ (30-րդ) եւ Ֆիլ Պարտզլի (75-րդ) նշանակեցին Սթոքի կոլերը:
Մանչեսթըր Սիթի, որ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Հալ Սիթիի (Բ. դասակարգ), կիսաւարտականին պիտի մրցի Էվըրթընի դէմ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Միտըլզպորոյին (Բ. դասակարգ):
Նշենք, որ երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 5-6 յունուարին, իսկ դարձի մրցումները` 26-27 յունուարին: