Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, երէկ` երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերին, ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի 8-ական տարիով կը կախակայուին` նկատի ունենալով, որ անոնք ամբաստանուեցան փտածութեան յանցանքով:
Նախորդ հոկտեմբերին ժամանակաւորապէս կախակայուած երկու անձնաւորութիւնները ՖԻՖԱ-ին կողմէ նաեւ տուգանքի ենթարկուեցան, երբ կատարուած հետաքննութիւններէն ետք ի յայտ եկաւ, որ Պլեթըր 2011-ին 2,02 միլիոն ամերիկեան տոլարի վճարում կատարած էր Փլաթինիի:
Այսպիսով, Պլեթըր եւ Փլաթինի մարզական կեանքին հետ կապ ունեցող ոչ մէկ տեսակի գործով կրնան զբաղիլ յառաջիկայ 8 տարիներուն ընթացքին:
Այս որոշումին հրապարակումէն ետք Պլեթըր յայտարարեց, որ ՖԻՖԱ-ին դէմ պիտի պայքարի իր նկատմամբ սահմանուած այս կախակայումին գծով: