ArmSport.am հաղորդեց, որ 21-29 մարտ 2016-ին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը շատ հաւանաբար Երեւանի մէջ պիտի կատարէ բարեկամական երկու հանդիպումներ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ներկայիս բանակցութիւններ կը կատարէ շարք մը երկիրներու հետ: Արդէն իսկ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է Պիելոռուսիոյ հետ, եւ այս ուղղութեամբ այս շաբաթավերջին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կրնան յստականալ:
Կը նախատեսուի, որ հայրենի կազմը 30 մայիսէն 7 յունիս բարեկամական շարք մը այլ մրցումներ եւս կատարէ: Շատ հաւանական է, որ այդ ժամանակամիջոցին Հայաստան Միացեալ Նահանգներու մէջ մրցի «ՔՈՆՔԱՔԱՖ»-ը ներկայացնող հաւաքականներու հետ:
Նշենք, որ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Լեհաստան, Ռումանիա, Դանիա, Մոնթենեկրօ եւ Ղազախստան:


