ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ Մինսքի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը Իվան Փոփովի (Ռուսիա) յաղթանակով: Վերջինս առաւելագոյն 11 կէտէն 10 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Հրանդ Մելքումեան ապահովելով 9,5 կէտ հանդիսացաւ 2-րդ եւ տիրացաւ արծաթ մետալին:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Տիգրան Պետրոսեան, 6 ուրիշներու նման ապահովեց 9 կէտ: Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով Պետրոսեան գրաւեց 6-րդ դիրքը, մինչ 3-րդ դիրքը գրաւեց Վատիմ Ռազին:
8,5-ական կէտ ապահովելով յաջորդաբար 12-րդ եւ 19-րդ դիրքերը գրաւեցին Սերկէյ Մովսիսեան եւ Զաւէն Անդրէասեան, 7,5 կէտով 57-րդ դիրքը գրաւեց Գէորգ Յարութիւնեան, իսկ միջազգային վարպետ Դաւիթ Գէորգեան 5,5 կէտով գրաւեց 357-րդ դիրքը:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան մասնակցեցան 695 ճատրակ խաղացողներ: