Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Շարմ Շէյխի մէջ (Եգիպտոս) աւարտեցաւ փինկ փոնկի արաբական ակումբներու 27-րդ ախոյեանութիւնը` հսկողութեամբ փինկ փոնկի արաբական ֆետերասիոնին:
Թէեւ աղջկանց այս ախոյեանութեան Լիբանանը ներկայացնող Նատուա Քամաթիէ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրեց, սակայն բաւարարուեցաւ Լիբանանին ապահովելով պրոնզ մետալ մը:
Խումբը կրեց միայն երկու պարտութիւն, այդ ալ` Զամալեքէն (3-2) եւ ախոյեան հանդիսացած եգիպտական այլ կազմէ մը` Ահլիէն (3-2):
Լիբանանեան կազմին մաս կազմեցին` Մարիանա Սահակեան, Եարա Սաթուհի եւ Լի Եոփալին (Չինաստան):
Խումբին մարզիչն էր Ուիսամ Շիրի, մինչ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր` Ապպաս Նասրէտտին: