Կազմակերպութեամբ Ֆրեր – Ֆըրն Շըպպեք ակումբին տեղի ունեցաւ ճատրակի Ս. Ծննդեան տօնի մրցաշարք մը` հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետութեան:
7 հանգրուան ընդգրկող այս մրցաշարքին ապահովելով 6,5 կէտ, տիտղոսին տիրացաւ Ֆատի Իտ, որ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց նոյնքան կէտ ապահոված Օմար Ժաուիշը: 5,5 կէտ ապահովելով երրորդ դիրքը գրաւեց սուրիացի Պահաէտտին Տարուիշ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն եւ այլ անձերու: