Ըստ «Պիլտ» մարզաթերթին, Մանչեսթըր Սիթիի յաջորդ տարեշրջանի մարզիչը` Եոսիփ Կուարտիոլա (այժմ` Պայէրն Միւնիխ), տարեկան իր ակումբէն պիտի գանձէ 25 միլիոն եւրօ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պիտի հանդիսանայ աշխարհի ամէնէն շատ վճարուող մարզիչը:
Նշենք, որ ներկայիս ան գերմանական իր ակումբին հետ կը գանձէ 12 միլիոն եւրօ:
Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս ան Պայէրն Միւնիխի հետ իր պայմանագրութիւնը չնորոգեց եւ որոշեց մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ` միանալով Մանչեսթըր քաղաքի խումբերէն Սիթիի: