Պարսելոնա հրապարակեց այն ճատարապետներուն անունները, որոնք պիտի վերակառուցեն քաթալոնիացիներու «Նու Քամփ» մարզադաշտը:
Լաւագոյնը ճանչցուեցաւ ճափոնական «Նիքքեն Սեքքէյ» եւ քաթալոնիացի ճարտարապետներ Խուան Փասքալի եւ Ռամոն Աուսիոյի համատեղ գործակցութիւնը:
Այս ընտրութիւնը կատարեցին 9 անձերէ բաղկացած դատակազմի անդամները:
Դատակազմին մէջ ընդգրկուած են Պարսելոնայի 5, քաթալոնական ճարտարապետներու միութեան 3 եւ քաղաքապետարանի 1 ներկայացուցիչ:
Կը ծրագրուի «Նու Քամփ»-ի նստարաններուն թիւը աւելցնել եւ հասցնել մինչեւ 105 հազարի:
Սկզբունքով աշխատանքները պէտք է աւարտին մինչեւ 2021-2022 տարեշրջանին սկիզբը: