Այսօր` ուրբաթ, 11 մարտին, եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենան 4 ճակատումներ, իւրաքանչիւրը` տարբեր երկրի մէջ:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Եուվենթուս, 29-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը հիւրընկալէ Սասուոլոն (7-րդ):
Սպանիոյ մէջ, «Լա լիկա»-ի 29-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, ժամը 21:30-ին, պիտի կատարուի ոչ այդքան հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Մալակա (12-րդ) պիտի հիւրընկալէ Սփորթինկ Խիխոնը (19-րդ):
Հերթա Պերլին – Շալքէ բացման մրցումով, այսօր ժամը 21:30-ին տեղի կ՛ունենայ Հերթա Պերլին (3-րդ) – Շալքէ (4-րդ) «Պունտըսլիկա»-ի 26-րդ հանգրուանի հետաքրքրական ճակատումը:
Վերջապէս, այսօրուան 4-րդ եւ վերջին մրցումին, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանին շրջանակներուն մէջ, ժամը 21:30-ին Մոնաքօ (2-րդ) կը հիւրընկալէ Ռեմը (16-րդ):