«Ֆութպոլ Լիքս» կայքը, որ կը զբաղի ֆութպոլիստներու փոխանցման հետ կապուած տեղեկութիւններու հրապարակումով, հիմնուած է 27 տարեկան փորթուգալցի Կայքահէն Ռուի Փինթուի կողմէ, կը յայտնէ «Մարքա»:
Կը հաղորդուի, որ ան ներկայիս կը բնակի Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա):
Ան իր հրապարակած նիւթերուն մեծ մասը ստացած է հեքըրական յարձակումներու պատճառով:
Ան իր տրամադրութեան տակ ունեցած է շարք մը ակումբներու փաստաթուղթերը:
Փինթու այդ ակումբներուն յայտնած է, որ եթէ իր պահանջած գումարը չստանայ անոնցմէ, իր ունեցած փաստացի տուեալներն ու տեղեկութիւնները պիտի փոխանցէ եւ հասանելի դարձնէ բոլորին: