Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես շատ հաւանաբար գլխաւորէ Նիւքասըլը, այս մասին կը հաղորդէ «Ֆութպոլ Էսփանիա»-ն:
Աղբիւրին համաձայն, այժմու մարզիչ Սթիւ Մաքլարըն պաշտօնանկ ըլլալու վտանգին տակ է:
Անգլիական ակումբը արդէն իսկ բանակցութիւններու սկսած է 54 տարեկան մասնագէտին հետ:
«Փրեմիեր լիկ»-ի 29-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Նիւքասըլ 24 կէտով կը գրաւէ նախավերջին դիրքը: