
Ալաշկերտի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արմէն Սանամեան, որ 2 ամիս առաջ նշանակուած էր Ալաշկերտ-2-ի ֆութպոլի գլխաւոր մարզիչ, հեռացաւ կազմէն:
Յայտարարուեցաւ, որ կողմերը երկկողմանի համաձայնութեամբ խզած են պայմանագրութիւնը:
Սանամեանի փոխարէն նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սերկէյ Էրզրումեան: Իսկ բերդապահներու մարզիչ նշանակուեցաւ Արմէն Բաղումեան:


