
Պորուսիա Տորթմունտի մաս կազմող կապոնցի յառաջապահ Փիեռ – Էմերիք Օպամեյանկ շատ հաւանաբար «Պունտըսլիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանին աւարտէն ետք իր կազմը լքելով միանայ Ռէալ Մատրիտի, այս մասին կը յայտնէ «Էքսփրես»:
Անոր այս փոխանցումը կը գնահատուի 100 միլիոն եւրոյով:
Կը կարծուի, որ խումբէն պիտի հեռանան նաեւ գերմանացի միջնապահ Իլկայ Կիւնտողան եւ յետսապահ Մաթց Հումելս:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ Օպամեյանկ մասնակցած է 24 մրցումի` նշանակելով 22 կոլ եւ կատարելով 4 արդիւնաւէտ կոլի փոխանցում:


