
11-էն 16 մարտին Անափայի մէջ (Քրասնոտար, Ռուսիա) տեղի կ՛ունենայ Նիքոլայ Փաւլիուքովի անուան երիտասարդ կռփամարտիկներու միջազգային յուշամրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 8 մարզիկով:
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վազգէն Բադալեանի եւ մարզիչ Ռուբէն Առաքելեանի գլխաւորութեամբ Անափա կը մեկնին Մնացական Յարութիւնեան (52 քկ), Սամուէլ Սողոմոնեան, Վահէ Բադալեան (56 քկ), Արման Անտոնեան (60 քկ), Կորիւն Աստոյեան (64 քկ), Գուրգէն Մադոյեան (69 քկ), Վան Մելքումեան (75 քկ) եւ Գուրգէն Յովհաննիսեան (գերծանր կշիռք):
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ այս մրցաշարքին կը մասնակցին շուրջ 20 երկիրներու ներկայացուցիչներ:


