Ռէալ Մատրիտի եւ Քոսթա Ռիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս ամառ տեղի ունենալիք «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին, յայտնեց Քոսթա Ռիքայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Ինչպէս կը նշուի, Նաւասի փոխարէն նկատի առնուած է Տեփորթիւօ Սափրիսսայի բերդապահ Տենի Քարվախալ: