Երէկ` կիրակի, 29 մայիսին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Ամման (Յորդանան)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 30 մայիսէն 4 յունիս տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Լիբանանէն բացի մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Յորդանան, Իրաք, Սուրիա եւ Իրան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նիզար Ռաուաս, խումբին մարզիչն է Փաթրիք Սապա, մինչ խումբին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբէն երկու մարզիկներ` Ահմետ Իպրահիմ եւ Նետիմ Սուէյտ: