
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 մայիսին, Մանարայի դաշտին վրայ, Ռիատի Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ-Անթիլիասի միջեւ, աւարտեցաւ յաղթանակովը ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն, որոնք երկարաձգումէն ետք 69-66 արդիւնքով (7-10, 17-20, 28-42, 55-55 եւ 66-69) յաղթեցին դաշտին տիրոջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2-1 արդիւնքով գերազանցեց Ռիատին` նկատի ունենալով, որ նախկին երկու մրցումներուն իւրաքանչիւր խումբ արձանագրած էր յաղթանակ մը:
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի կազմը բաւական տպաւորիչ մրցում մը ներկայացուց եւ տարաւ վերջնական յաղթանակը` երեք կէտի տարբերութեամբ:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Նաթալի Սվաճեան (30), մինչ անոր խմբակից Այտա Պախոս նշանակեց 19 կէտ եւ 19 ռիպաունտ:
Մնացեալ կէտերը նշանակեցին Լէյլա Ֆարես (7), Սանտրա Նաժըմ (5), Սարին Օհանեան, Ճոյս Սալիպա (3-ական) եւ Քաթերին Հաժ (2):
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Շիրին Շերիֆ (20) ապա` Թամարա Խալիլ (16):
Նշենք, որ այս մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիաս, առիթով մը ունեցաւ 16 կէտի առաւելութիւն (42-26):
Օրուան իրաւարարներն էին Ֆաուզի Աշքութի, Զիատ Թաննուս եւ Ժորժ Սաատ:
Չորրորդ մրցումին յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան: