Մինօ Ռայոլա, որ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի գործակատարն է, հաստատեց այն տեղեկատուութիւնը, որ ֆութպոլիստը կը հրաժարի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին հետ:
«Ինչո՞ւ նոր պայմանագրութիւն ստորագրել հիմա, եթէ անիկա ուժի մէջ է մինչեւ 2017: Մենք ժամանակ ունինք ապագայի մասին մտածելու», Ռայոլայի խօսքերը կը մէջբերէ Պիլտ»:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, Մխիթարեանով հետաքրքրուած են Արսենալ եւ Չելսի:
Բայց եւ այնպէս, Մխիթարեան այժմ մտադիր է իր պայմանագրութիւնը հասցնել իր աւարտին, որմէ ետք այլ կազմի մը փոխանցուելու մասին մտածել: