
Զուիցերիական Պերն քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը, ուր Հայաստանը ներկայացնող Արթուր Աւետիսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Երիտասարդներու օղակներու վարժութեան պայքարին մէջ Աւետիսեան` հաւաքելով 14,300 կէտ, տիրացաւ արծաթ մետալին, ոսկի մետալին տիրացաւ Գերմանիոյ ներկայացուցիչը:
Այսպիսով, Հայաստան ունեցաւ ախոյեան մը` Յարութիւն Մերդինեան, եւ երեք փոխախոյեան` Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան եւ Արթուր Աւետիսեան:
 
			

