Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ 1-13 յունիսին Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունենալիք ուսումնամարզական հաւաքին:
Հայկական խումբը Քիեւի մէջ միացեալ հաւաք մը պիտի կատարէ Իրլանտայի, Իսրայէլի, Պիելոռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հաւաքականներուն հետ:
Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Կարէն Աղամալեան, իսկ հաւաքին մասնակցող 6 մարզիկներն են.
Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ), Նարեկ Աբգարեան (52 քկ), Արամ Աւագեան (56 քկ), Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ), Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ) եւ Նարեկ Մանասեան (91 քկ):