Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը կատարեց իր երկրորդ մրցումը` մրցելով Սուրիոյ դէմ:
Լիբանան, որ առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էր Իրանէն, երէկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 90-79 արդիւնքով:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճոնսըն (39), մինչ Սուրիայէն Միշել Մաատալանի` 36 կէտ:
Այսօր, ժամը 18:00-ին, Լիբանան կը մրցի Իրաքի դէմ, իսկ վաղը, ժամը 20:00-ին Յորդանանի դէմ: