Ֆ
ութպոլի կամ մարզական որեւէ խմբային խաղի պարագային բնական է, որ անհրաժեշտ կարիք մըն է նիւթականը:
Գերմանիոյ մէջ, սակայն, հրաշք կը պատահի Պերլինի Հերթային հետ: Անցեալ տարեշրջանի աւարտին, Հերթա Պերլին, որ Բ. դասակարգի «Պունտեսլիկա»-ին մաս կը կազմէ, իր բոլոր աստղերը կորսնցուց, մանաւանդ բոլոր հովանաւորները կորսնցնելէ ետք:
Սակայն հակառակ բան մը պատահեցաւ, եւ այժմ 5 մրցումներէ ետք Հերթա կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` 5 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք:
Հերթա Պերլինի յաջողութեան գծով որեւէ մասնագէտ հաւատք չունէր: Մեծ թիւով մարզիկներ լքած էին անցեալ ամրան եւ խումբին մէջ մնացած էին պահեստի անփորձ մարզիկները:
Ֆութպոլի մէջ հրաշք հազուադէպօրէն կը պատահի, բայց ըստ երեւոյթին, կրնան ըլլալ հրաշքներ:
Հերթա Պերլին ոչ միայն կրցած է յաղթել իր 5 մրցումները, այլ նաեւ բաժակի մրցաշարքին ալ անցած է յաջորդ հանգրուան, մանաւանդ երբ բոլորը կը սպասէին ամօթալի պարտութեան մը եւս, ինչպէս կը պատահէր վերջին տարիներուն:
Հերթա Պերլինի պատմութիւնն ալ այքդան փայլուն չէր, եւ այժմու արդիւնքները պատմութեան անցան: Հերթա բնաւ իր ախոյեանութեան 5 մրցումները չէ յաղթած եւ 2013-ի մայիսէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը գրաւէ Բ. դասակարգի առաջին դիրքը: Այդ տարին խումբը կրցած էր բարձրանալ առաջին դասակարգ:
Հետաքրքրականը այն է, որ Բ. դասակարգէն ոչ մէկ խումբ այսքան մեծ թիւով մարզիկներ կորսնցուցած է: Քենեթ Էյխհորն, որ խումբին թիւ 1 աստղն էր, միացած էր Պայեր Լեւերքուզընին, խմբապետ Ֆապիեն Ռիս միացած էր Վոլֆսպուրկին, բերդապահ Թիարք Էրնսթ միացած էր Ֆեյենուրտ Ռոթերտամին, աջ ծայրի յառաջապահ Մարթեն Վինքլեր` Անտերլեխթին: Փլէյմէյքըր Միքայէլ Քոփսանս Լանսին միացած էր:
Հակառակ անոր որ Հերթա ձեռք ձգած էր մօտ 30 միլիոն եւրօ` մարզիկներու փոխարէն, բայց անոնք անցեալ տարեշրջանին պարտքեր ունէին, եւ խումբին նիւթական պայմաններուն պատճաով միայն մէկ մարզիկ կրցան ձեռք ձգել, այդ ալ 150 հազար եւրոյի փոխան` Մատս Փետերսքնը:
Բ. դասակարգ նոր բարձրացած Էներկի Քոթպուս միայն աւելի քիչ ծախսած էր այս տարեշրջանին` ձեռք ձգելու համար մարզիկներ:
Մեծ գումարներու փոխարէն, ակումբը որոշած էր նոր ձեւ որդեգրել, վստահիլ երիտասարդ մարզիկներու, քիչ թիւով մարզիկներով կազմել խմբակ մը, որ պայքարի ակումբին համար:
Հերթա կրնայ «աղքատ» խումբ մը ըլլալ այսօր, բայց անիկա «անօթի» է յաղթանակի եւ լաւ արդիւնք կը ցուցաբերէ:


