Երեանի Նոա ակումբը իր ապագայ մարզադաշտի կառուցման նախապատրաստական աշխատանքներուն սկսաւ: Ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս ուղղութեամբ առաջին մեծածաւալ քայլը արդէն իսկ առնուած է:
130 միլիոն դրամի ներդրման շնորհիւ, տարածքէն անցնող ելեկտրական գիծերը տեղափոխուած են գետնին տակ, եւ ատոր շնորհիւ այդ տարածքը շինարարական յաջորդ փուլերուն պատրաստ է:
Մօտ 1,6 քիլոմեթր հատուածին մէջ իրականացուած են անհրաժեշտ հողային աշխատանքները եւ տեղադրուած 13.040 մեթր ելեկտրական թելեր, որոնք կը փոխադրեն 35 քիլովոլթ լարման ելեկտրական գիծեր:
Ակումբէն նաեւ կը տեղեկացնեն, որ շուտով հանրութեան պիտի ներկայացուի եւրոպական ամէնէն բարձր չափանիշերուն համապատասխանող մարզադաշտի նախագիծը, որմէ ետք արդէն կը սկսին շինարարական բուն աշխատանքները:
«Դէպի հայկական մեծ երազ», կ՛եզրափակէ ակումբին տարածած հաղորդագրութիւնը:


